2013-04-15 13:03:32

Հալէպի Մէջ, Առժամեայ Կարգադրութիւն` Թաղումները Կատարելու։


Բերիոյ Թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր՝ Ժիրայր Ռէյիսեան «Ազդակ» թերթին հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը որուն ընթացքին ըսած է թէ՝ Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ շրջանին մէջ (ուր կը գտնուին նաեւ հայկական գերեզմանատուները) ապահովական դէպքերու զարգացումին պատճառով շրջանը դարձած է զինուորական գործողութիւններու գօտի: «Հետեւաբար իբրեւ անմիջական կարգադրութիւն, նահանգապետարան-քաղաքապետարան համատեղ, Հալէպի ծայրամասային այլ շրջանի մը մէջ Քարմելիք վանքի մը կից , յատկացուցին հողատարածք մը թաղումները հոն կատարելու` իբրեւ առժամեայ անմիջական կարգադրութիւն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.